Մասնակից:RaffiNJ/Ավազարկղ
![]() | Սա RaffiNJ մասնակցի սևագրության էջն է՝ «ավազարկղը», և մասնակցի էջի ենթաէջերից մեկն է։ Այն ծառայում է որպես սևագիր և փորձարկումների վայր։ Սա հանրագիտարանային հոդված չէ։ Ձեր անձնական ավազարկղը ստեղծելու համար սեղմեք այստեղ։ Այլ ավազարկղեր՝ Ընդհանուր ավազարկղ |
Միւռօնը անուշաբոյր իւղերու բաղադրութիւն մըն է որ կը գործածուի Հայաստանեայց Արաքելական Ս. Եկեղցւոյ մկրտութեան եւ օծման արարողութիւններու ատեն։
Պատմութիւն
խմբագրելՆախաքրիստոնեական շրջան
խմբագրելԸստ Աստուածաշունչի Մովսէս մարքարէն Սինա լեռան վրայ Աստուծմէ ստացաւ ծաղիկներ եւ պատրաստեց առաջին Միւռօնը։ Այսուհետեւ Միւռօնը գործածուեցաւ օծելու թագաւորներ եւ մարգարէներ։ Միւռօնը մնաց Երուսաղէմի տաճարի մէջ մինչեւ Մարիամ Մագդաղենացին զայն գործածեց Յիսուսի ոտքերը օծելու աւագ երկուշաբթի օր։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
խմբագրելՍուրբ Թադէոս արաքեալի կը պարտինք Միւռօնի Հայաստան մտցնելու արարքը։ Ան գործածեց Միւռօնը բուժելու համար Աբգար թագաւորը եւ զայն պահեց ծառի մը տակ։ Հետաքային տեսիլքի մէջ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գիտնայ Միւռօնի պահուած տեղը եւ զայն կը գործածէ բուժելու Տրդատ թագաւորը։
20 եւ 21րդ դարեր
խմբագրելՆերկայիս Միւռօնօրհնէքի արարողութիւններ կը կատարուին Ս. Էջմիածինի եւ Անթիլիասի Մայր տաճառներուն մէջ ընդհանրապէս 5-էն 7 տարին անգամ մը ի ձեռօք Վեհաբար հայրապետներուն։
Բաղադրութիւն
խմբագրելՄիւռօնի պատրաստութիւնը կ՚սկսի աշնան օր մը երբ ձիթաիւղով լեցուն կաթսան կը դրուի Կաթողիկոսանիստ եկեղեձւոյ մայր տաճառին մէջ։ Հոգեւորական դասը յատուկ թափորով եւ աղօթելով կ՚աւելցնէ բաղադրիչ նիւթերը։ Այս արարողութիւնը կը շարունակուի 40 օր։ Վերջին օրը Վեհաբար Հայրապետը նոր Միւռօնին կը խառնէ հին միւռօնը գործածելով Ս. Լուսաւորիչի աջը եւ կ՚օրհնէ զայն։ Կ՚աւելձուի նաեւ շատ փոքր մասնիկ մը Ս. Գրիգոր լուսաւորչի պատրաստած առաջին Միւռօնէն։
Միւռօնի գլխաւոր բաղադրիչ նիւթը ձիթապտուղի իւղն է. Անոր կողքին կան զանազան բաղադրութեան քանակի համաձայն 41 այլ նիւթեր։